image

Ծոցի երկիրներու միութեան օրակարգը յետաձգուած է 2017-ի գագաթաժողովին

Ծոցի երկիրներու միութեան օրակարգը յետաձգուած է 2017-ի գագաթաժողովին

Պահրէյնի մէջ կայացած՝ Ծոցի 37-րդ գագաթաժողովին աւարտին, Ծոցի երկիրներու ղեկավարները զեկոյցով մը յայտարարած են, թէ «համագործակցութեան հանգրուանէն միաւորման անցնելու ծրագրի որոշումը՝ յետաձգուած է յաջորդ նիստին, որ նախատեսուած է 2017-ին, Քուէյթի մէջ»: Այս մասին կը հաղորդէ Անատոլու գործակալութիւնը, նշելով, որ գագաթաժողովի ղեկավարները մտահոգութիւն յայտնած են ու դատապարտած՝ ամերիկեան Գոնկրէսի արձակած «արդարութեան օրէնք՝ ահաբեկչութեան հովանաւորներուն դէմ» անունը կրող՝ «Ճասթա» օրէնքին նկատմամբ:

Յիշեցնենք, որ վերջերս արձակուած «Ճասթա» օրէնքին համաձայն, 11 սեպտեմբեր, 2001-ին, ԱՄՆ-ի վրայ կատարուած ահաբեկչական յարձակման հետեւանքով զոհուածներուն ընտանիքները, իրաւասութիւն կ'ունենան դատական գործ յարուցելու յանցագործներուն պատկանած երկիրներուն դէմ, որոնց  մեծամասնութիւնը Սէուտական Արաբիայէն են:

Գագաթաժողովի ընթացքին ղեկավարները կարեւորած են զօրամիաւորման աշխատանքները, պաշտպանողական ուժեղ համակարգ մը ստեղծելու նպատակով: Անոնք, կրկին անգամ շեշտած են Հըզապալլայի ահաբեկչական կազմակերպութիւն ըլլալը: Ինչպէս նաեւ հաստատած են Տահէշի դէմ պայքարի շարունակականութիւնը միջազգային դաշնութեան կողքին:

Զեկոյցին մէջ շեշտուած է Պաղեստինի ՄԱԿ-ի մշտական անդամակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Սակայն մերժուած է Իրանի միջամտութիւնը տարածաշրջանի ներքին խնդիրներուն:

Անդրադառնալով Սուրիոյ ճգնաժամային իրավիճակին, անոնք յարմար նկատած են ՄԱԿ-ի վեհաժողովի արտահերթ նիստի կայացումը: Իսկ Եամանի հարցով, զեկոյցին մէջ նշուած է քաղաքական լուծման անհրաժեշտութիւնը:

Ժողովը աջակցութիւն յայտնած է իրաքեան կառավարութեան, Մուսուլը՝ Տահէշէն ազատագրելու գործընթացին:

Յիշեցնենք, որ գագաթաժողովը մեկնարկած էր երկուշաբթի օր եւ տեւած երկու օր: