image

Մոսկուայի մէջ տասնեակ թռիչքներ յետաձգուած են

Մոսկուայի մէջ տասնեակ թռիչքներ յետաձգուած են

 

Ռուսաստանի մայրաքաղաքային օդակայաններուն մէջ 18 թռիչք յետաձգուած է: Այս մասին կը յայտնէ «Քոմերսանտ» պարբերականը՝ մէջբերելով օդակայաններու 14 մարտի չուացուցակներու տուեալները:


Ինչպէս կը հաղորդուի, «Վնուքովօ» օդակայանին մէջ յետաձգուած է 3 չուերթ, «Տոմոտետովոյի» մէջ՝ 11, իսկ «Շերեմեթեւոյ» մէջ՝ 4 չուերթ:

Մոսկուայի մէջ ուժեղ ամպամածութիւն է, ձիւնախառն անձրեւ կու գայ: ՌԴ օդերեւութաբանական կայանի տուեալներով՝ օդի ջերմաստիճանը կը կազմէ 2-4 աստիճան տաքութիւն: Ճանապարհներուն տեղ-տեղ մերկասառոյց է: Քամիի արագութիւնը 5-10 մեթր/վայրկեան է՝ մինչեւ 15մ/վ պոռթկումներով:

Այս շաբաթ օդի ջերմաստիճանը նուազած է 3-5 աստիճանով: Ամսուայ սկիզբը օդերեւութաբանական կայանը նախազգուշացուցած էր ՌԴ ողջ տարածքին մէջ մարտ ամսուն սպասուող եղանակի յաճախակի փոփոխութիւններու մասին: