image
Հրատապ լուրեր:

Ծանր ահաբեկչութիւն Նիսի մէջ. Զոհերուն թիւը հասած է 80-ի (Լուսանկարներ, Տեսանիւթ)

Ծանր  ահաբեկչութիւն  Նիսի մէջ.   Զոհերուն թիւը հասած է 80-ի (Լուսանկարներ, Տեսանիւթ)

Ծանր ահաբեկչութիւն մը  գրանցուած է  ֆրանսական Նիս քաղաքին մէջ, երբ    բեռնատար կառք մը  ուղղուած է   քաղաքի  կեդրոնը հաւաքուած բազմութեան մը վրայ: Դէպքը  կատարող  ահաբեկիչը  սպաննուած է ոստիկանութեան  կրակներով: Կը հաղորդուի, որ  մինչեւ այս պահը  զոհերուն թիւը  հասած է  80-ի,  իսկ վիրաւորեալներունը՝  130-ի:  Ըստ    տեղական աղբիւրներու, զոհերուն  թիւը կրնայ յաւելեալ  բարձրացում  գրանցել: Նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ  անմիջապէս մեկնած է արտակարգ իրավիճակներու յատուկ՝ գրասենեակ մօտէն  հետեւելու դէպքի  զարգացումներուն: Հոլլանտ աւելի ուշ յայտնած է, որ  դէպքի վայր պիտի  այցելէ՝  զօրակցելու  տեղի քաղաքացիներուն: Վարչապետ Մանուէլ Վալս իր կարգին ուղղուած է  դէպի Նիս քաղաք: Ահաբեկչութիւնը տեղի  ունեցած է, երբ քաղաքացիներ Նիսի  մէջ  միասին կը տօնախմբէին Ֆրանսայի՝ 14 Յուլիսի ազգային  տօնը:  Նշենք, որ դէպքը  տեղի ունեցաւ ֆրանսայի նախագահի՝  երկրին մէջ  պարէտային ժամի յաւելեալ 3 ամիսով  երկարաձգման մասին կատարած յայտարարութիւնէն ժամեր  անց: