Օրեր առաջ Տիարպէքիր (Տիգրանակերտ) այցելած Սէլինա Տողանի համաձայն, քաղաքի Սուր թաղամասը ամբողջութեամբ փլուած է: Տողան այս մասի խօսած է «Ակօս»ին, յայտնելով նաեւ, որ իր Տիարպէքիր կատարած այցի ընթացքին այցելութիւն տուած է քաղաքի «բժիշկներու տուն», «Փաստաբանական կաճառ» եւ հանդիպումներ ունեցած պարզ քաղաքացիներու հետ: «Տիարպէքիրի ժողովուրդը դեռ յոյս ունի, որ քաղաքը կը վերադառնայ իր երբեմնի անդդորին ու այդ յոյսը չէ մեռած: Եթէ յոյսը մեռած ըլլար, ապա Տիարպէքիրի ժողովուրդը կը լքէր իր քաղաքը»,-փոխանցած է Տողան:
Յիշեցնենք, որ Սուր թաղամասին մէջ գտնուող երկու հայկական եկեղեցիները եւս ծանր վնասներու ենթարկուած են՝ գտնուելով քրտական PKK-ի եւ թրքական բանակի միջեւ եղած բախումներու թատերաբեմ հանդիսացած կէտին վրայ:
Նշենք, որ հայազգի երեսփոխանը անդամ է Թուրքիոյ ընդդիմադիր CHP ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան: