Գերմանական «Commerzbank»-ը Թուրքիոյ տնտեսութեան վերաբերեալ «Թուրքիայի տնտեսութիւնը կը կործանի» վերնագիրով, բաւական յոռետեսական զեկոյց հրապարակած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Sputnik»-ի թրքական ծառայութիւնը, նշելով, որ «Commerzbank»-ի բնութագրմամբ՝ 2017թ. Թուրքիոյ տնտեսական յառաջխաղացման վերաբերեալ Թուրքիոյ վիճակագրական ընկերութեան (TÜİK) հրապարակած ակնկալիքները «հեքիաթ» են:
Գերմանական պանքը ներկայացուցած է Թուրքիոյ տնտեսական վիճակի եւ զարգացման հեռանկարներու վերաբերեալ սեփական վերլուծութիւնը: Ըստ այդմ՝ այս տարուայ երրորդ քառորդին Թուրքիոյ տնտեսութիւնը նախորդ եռամսեակի համեմատ 4.5 տոկոսով յետընթաց ապրած է: Նշենք, որ ըստ TÜİK-ի՝ տարուայ երրորդ քառորդին տարեկան կտրուածքով անկումը կազմած է ընդամէնը 1.8 տոկոս:
«Commerzbank»-ի բնութագրմամբ՝ 4.5 տոկոսանոց անկումը տնտեսութեան համար կործանիչ նշանակութիւն ունի: «Պատկերացուցէք, որ յաջորդ երեք եռամսեակներու ընթացքին տնտեսութիւնը նոյն չափով շարունակէ անկում ապրիլ: Այդ մէկը կը նշանակի, որ 2017թ. երկրորդ քառորդին տնտեսութիւնը տարեկան կտրուածքով 16.8 տոկոս անկում կը գրանցէ»,-ըսուած է զեկոյցին մէջ:
Գերմանական պանքը կ'եզրակացնէ, որ նման տուեալներու պարագային դժուար է պատկերացնել, թէ 2017թ. Թուրքիոյ տնտեսութիւնը որեւէ յառաջընթաց կրնայ գրանցել: Պանքը կը նշէ, որ ստեղծուած իրավիճակը շատ ծանր կ'անդրադառնայ նաեւ առանց այդ ալ վատ դիրքերու մէջ գտնուող թրքական լիրային վրայ: