Թուրքիա մեկնող զբօսաշրջիկներու թիւը 2016թ. մարտին տարուայ կտրուածքով նուազած է շուրջ 12.8 տոկոսով: Այս մասին կը հաղորդէ BBC-ի թրքական ծառայութիւնը, նշելով, որ 2016-ի առաջին եռամսեակի ընթացքին նախորդ տարուայ նոյն ժամանակաշրջանի համեմատ զբօսաշրջիկներու թիւը նուազած է 10.3 տոկոսով:
Աղբիւրը նաեւ յղում ընելով Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան, կը յայտնէ, որ 2016թ. մարտին Թուրքիա այցելած է 1.65 միլիոն զբօսաշրջիկ, որոնցմէ ամենաշատը Իրանէն եկածներն են: Անոնց թիւը անցած է 250-ը:
Կը նշուի նաեւ, որ աճ գրանցուած է Իսրայելէն Թուրքիա մեկնող զբօսաշրջիկներու թիւի մէջ: Նախորդ տարուան նշեալ ամսուան համեմատ այս տարի իսրայէլցի զբօսաշրջիկներու թիւը աճած է շուրջ 137 տոկոսով՝ գերազանցելով 19 հազարը:
Նուազում նկատուած է նաեւ ռուս զբօսաշրջիկներու թիւին, մանաւանդ թրքական օդուժի կողմէ ռուսական ռազմական SU-24 օդանաւի վարբերումէն ետք: Այս առումով մարտ ամսուն Թուրքիա այցելող ռուս զբօսաշրջիկներու թիւը նուազած է շուրջ 59 տոկոսով: Անկում գրանցուած է նաեւ եւրոպական շարք մը երկիրներէ (Սպանիա, Ֆինլանտիա, Գերմանիա) Թուրքիա այցելող զբօսաշրջիկներու հոսքերուն: