image

Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած է քրտամէտ կուսակցութեան փոխնախագահը

Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած է քրտամէտ կուսակցութեան փոխնախագահը

Անգարայի մէջ ձերբակալուած է քրտամէտ Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան փոխնախագահ Այսէլ Թուղլուքը, կը գրէ թրքական «Միլլիյէթ» պարբերականը: Անոր ձերբակալած են «Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւն» խմբաւորման դէմ իրականացուած յատուկ հակաահաբեկչական գործողութիւններու ծիրէն ներս: Յիշեցնենք, որ վերջին շաբաթուայ ընթացքին Թուրքիոյ մէջ հակաահաբեկչական գործողութիւններու ընթացքին ձերբակալուած է 1682 մարդ:

Այսէլ Թուղլուք 2007-2011 եւ 2011-2015 թուականներուն եղած է Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր: 4 նոյեմբերին Թուրքիոյ մէջ ձերբակալած են քրտամէտ Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան աւելի քան 10 անդամ, որոնց շարքին` կուսակցութեան համանախագահներ Սալահէլտին Տէմիրթաշին եւ Ֆիկէն Եուքսէքտաղին: