image

Թուրքիոյ բանտերուն մէջ այլեւս տեղ չէ մնացած «Ճումհուրիէթ»

Թուրքիոյ  բանտերուն  մէջ  այլեւս տեղ  չէ մնացած  «Ճումհուրիէթ»

Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող 381 բանտերէն  139-ը կառուցուած է նախագահ Էրտողանի հիմնած «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան իշխանութեան օրօք, այս մասին կը գրէ թրքական «Ճումհուրիէթ» պարբերականը, յղում կատարելով Ներքին գործց նախարարութեան հաղորդած տուեալներուն:

 

Ընդ որում, 38 բանտ իշխանութիւնները կառուցած են միայն անցեալ՝ 2016 թուականի ընթացքին:

 

Վերջին մէկուկէս ամսուան ընթացքին երկրին մէջ աւելցած է եւս 11 բանտ, եւ անոնք պիւտճէն շուրջ 1.5 միլիառ լիրայով ծանրաբեռնած են:

 

Պարբերականը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ յեղաշրջման փորձին յաջորդած զանգուածային ձերբակալութիւններէն ետք իշխանութիւնը կանգնած է փաստի առջեւ, քանի որ երկրի բանտերուն մէջ այլեւս նոր տեղեր չկան եւս քանի մը հազար կալանաւորներու համար: Յայտնի են դէպքեր, երբ տարբեր բանտերու դատապարտեալներ ազատ արձակուած են՝ նոր կալանաւորներ բանտախուցերուն մէջ տեղաւորելու համար:

 

Ներկայ դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ դատապարտեալներու թիւը 201.177 է, անոնցմէ 2.800-ը 12-17 տարեկան երեխաներ են: