image

Լարսի անցակէտին վրայ մեծ խցանումներ.Հարիւրի չափ հայկական բեռնատարներ մնացած են սահմանամուտքին

Լարսի անցակէտին վրայ մեծ խցանումներ.Հարիւրի չափ հայկական բեռնատարներ մնացած են սահմանամուտքին

Լարսի մէջ արդէն 24 օր մօտ հարիւր հայկական բեռնատար մնացած է, վարորդները յայտնուած են անելանելի դրութեան մէջ: Այս մասին NEWS.am-ին յայտնած են ԱԺ ԲՀԿ-ական պատգամաւոր Արման Աբովեանը, որուն դիմած էին Լարսի մէջ մնացած բեռնատարներու վարորդները:

«Վարորդներն իմ հետ են կապնուել, ասել են, որ իրենք 24 օր մնացել են Լարսում, շատ վատ վիճակ է իրենց մօտ եւ օգնութիւն էին խնդրում: Մօտ 100 բեռնատարներ են մնացել: Ես արդէն այս հարցով դիմել եմ ԱԳՆ-ին, յոյսով եմ  ինչ-որ գործողութիւններ կարուեն այս ուղղութեամբ»,-ըսած է ան:

Պատգամաւորը աւելցուցած է, որ անկախ անկէ, որ երկրի մէջ խնդիրներ կան, պէտք չէ անտեսել, աչքաթող ընել դուրսը  դժուար իրավիճակի մէջ յայտնուած մեր քաղաքացիները:

Ահազանգած վարորդները յայտնած էին, որ իրենց մօտ գումարը վերջացած է, եւ չեն գիտեր իրենց հետ պիտի ըլլայ, եթէ եւս քանի մը օր մնան կանգնած: