Սուրիա- («Al-Jazeera Turk»)- Թուրքիոյ կառավարութիւնը 9 մայիսին հաստատած է, թէ երկրի զինուորական ուժերէն յատուկ ջոկատներ մայիս 7-8ի գիշերը ներխուժած են Սուրիոյ տարածքը, «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ գործողութիւն մը իրականացնելու համար: Գործողութեան դրդապատճառը եղած է վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին, գրեթէ առօրեայ բնոյթ ստացած Սուրիոյ սահմանակից Քիլիսի ուղղութեամբ եղած ռմբակոծումները:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ յատուկ ջոկատի զինուորները 8 մայիսի առաւօտեան վերադարձած են Թուրքիա, իսկ անկէ անմիջապէս ետք, թրքական օդուժը՝ դաշնակից ուժերու հետ համագործակցաբար, ռմբակոծած է հիւսիսային Սուրիա գտնուող «Իսլամական պետութեան» այլ դիրք մը՝ սպաննելով 55 զինեալներ։