image

Թուրքիան պիտի պատժո՞ւի

Թուրքիան պիտի պատժո՞ւի

Ֆրանսայի Եւորպական հարցերով պետքարտուղար Քլեմէնթ Փիոնը Եւրոպական միութեան կոչ ուղղած է ամուր դիրքորոշում ցուցաբերելու Թուրքիոյ նկատմամբ:

Ան ըսած է. «Պէտք է վճռական ցուցումներ կատարուին մօտիկ ապագային, եւ մենք կը տեսնենք, թէ արդեօք պատժամիջոցներ պիտի կիրառուի՞ն»:

Յայտնենք, որ Եւորպական Միութեան առաջնորդները Պրուքսէլի մէջ պիտի ունենան երկօրեայ քննարկումներու հանդիպում, որ հիմնականին մէջ կը վերաբերին Միջերկրականեան ծովի արելելեան մասին լարուածութեան եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն:

Նշենք նաեւ, որ 30 Օգոստոսին, Ֆրանսան Միջերկրականեան Ծովու արեւելեան մասին լարուածութեան պատասխանատուութիւնը դրած է Թուրքիոյ վրայ, վերջինիս սադրիչ գործողութիւններուն պատճառով:

Անցնող Յուլիսին, Ֆրանսան դադրեցուցած էր իր մասնակցութիւնը ՆԱԹՕ-ի Միջերկրականի մէջ տեղի ունեցող ռազմածովային գործողութեան՝ Թուրքիոյ հետ ունեցած խնդիրէն ետք, երբ վերջերս Թուրքիան մերժած էր Ֆրանսական ջրային սահմաններէն ներս իր նաւերէն մէկուն նկատմամբ ստուգում կատարելը: