Ռուսիա- (Լրատուական աղբիւրներ) «Թուրքիան չի կրնար զինուորական ցամաքային գործողութիւն կատարել Սուրիոյ մէջ այնքան ատեն, որ ռուսական զօրքեր կան հոն»,- այսօր այսպէս յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լավրով: Լավրով նաեւ ըսած է, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ դաշնակից չէ Մոսկուային, այլ իրենք կը մասնակցին Ասատի ահաբեկիչներուն դէմ մղած պայքարին: Խօսելով բանակցութիւններուն մասին՝ Լավրով նկատել տուած է, թէ տակաւին ժամանակը չէ հասունցած Սուրիոյ մէջ հակամարտող կողմերուն, որպէսզի նստին բանակցութեանց սեղանին: