image

Թուրքիան չի կրնար ցամաքային գործողութիւն կատարել Սուրիոյ մէջ

Թուրքիան չի կրնար  ցամաքային գործողութիւն կատարել  Սուրիոյ մէջ

Ռուսիա- (Լրատուական աղբիւրներ) «Թուրքիան    չի կրնար   զինուորական ցամաքային գործողութիւն կատարել  Սուրիոյ  մէջ այնքան ատեն, որ  ռուսական  զօրքեր կան հոն»,- այսօր այսպէս յայտարարած է Ռուսիոյ  արտաքին  գործոց  նախարար Սէրկէյ Լավրով: Լավրով նաեւ ըսած է, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ  դաշնակից չէ   Մոսկուային,  այլ իրենք   կը մասնակցին  Ասատի ահաբեկիչներուն դէմ մղած պայքարին: Խօսելով բանակցութիւններուն մասին՝ Լավրով նկատել տուած է, թէ   տակաւին  ժամանակը  չէ հասունցած  Սուրիոյ մէջ հակամարտող  կողմերուն, որպէսզի  նստին  բանակցութեանց սեղանին: