Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարած է, որ Աֆրինի մէջ իր կողմէ իրականացուած «Ձիթենեաց ճիւղ» գործողութեան մեկնարկէն առաջ ինք խորհրդակցած է ԱՄՆ եւ Ռուսիոյ նախագահներ Թրամբի եւ Փութինի հետ:
«Անատոլու» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, Էրտողան նշած է, թէ ինք վերջիններուս յայտնելով իր մտադրութեան մասին շեշտած է, որ երբեք ետ պիտի չկանգնի տարածաշրջանին մէջ իր կատարած քայլերէն:
Պոլսոյ մէջ, հանրութեան ներկայութեամբ խօսք առած Էրտողան շեշտած է նաեւ, որ «Ձիթենեաց ճիւղ» գործողութիւնը Աֆրինով պիտի չսահմանափակուի, այլ պիտի հասնի մինչեւ Իտլիպ եւ Մունպուճ, նպատակ ունենալով տարածաշրջանին մէջ «արդարութիւն» հաստատել:
Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձած է նաեւ Թրամբի հետ իր հեռախօսազրոյցին, նշելով, որ վերջինիս վստահեցուցած է, թէ Թուրքիա անմեղներու եւ իրաւազրկուածներու կողքին է:
Էրտողանի համաձայն, «Ձիթենեաց ճիւղ» գործողութեան մեկնարկէն ի վեր 3700 ահաբեկիչ չէզոքացած է: