Միջազգային համաներման կազմակերպութիւնը Թուրքիայէն պահանջած է վերջ տալ Սուրիոյ Աֆրին շրջանի քիւրտերուն դէմ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն:
«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, կազմակերպութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ Աֆրինի բնակչութիւնը մարդու իրաւունքներու ոտնահարման կ'ենթարկուին, մեղադրելով Անգարան յիշեալ ոտնձգութիւններուն ի տես աչք փակելու մէջ:
Մանրամասնութիւններուն անդրադառնալով, կազմակերպութիւնը յայտնած է, որ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումը կը կայանայ ապօրինի ազատազրկումներու, առեւանգումներու, ինչպէս նաեւ գոյքի բռնագրաւումներու մէջ:
Կազմակերպութիւնը դիտել տուած է նաեւ, որ թրքական ուժերն ու անոնց դաշնակից ընդդիմադիրները Աֆրինի մէջ շարք մը դպրոցներ գրաւելով հազարաւոր աշակերտներ զրկած են ուսում ստանալու իրաւունքէն: