image
Հրատապ լուրեր:

Թուրք Ոստիկան Մը Ծանր Գրառում Կատարած է Տիարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցիէն

Թուրք Ոստիկան Մը  Ծանր Գրառում Կատարած է  Տիարպէքիրի  Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցիէն

Տարբեր հայկական լրատու աղբիւրներ երկու օրէ ի վեր կ'անդրադառնան թուրք ոստիկանի մը կողմէ  Twitter-ի վրայ թողարկուած գրառմանը , որ ցեղապաշտական բնոյթ ունի: Գրառման մէջ կ'ըսուի, թէ՝ «Տիարպէքիր, Սուր, Սուլթան Ալփասլանի թոռները եկեղեցիներուն մէջ անհաւատները դարձի կը բերեն», եւ անոր կցուած է Տիարպէքիրի մէջ  նկարուած  եկեղեցւոյ պատկեր մը: Փարիզի  «Երկիր եւ Մշակոյթ» կազմակերպութեան պատասխանատուներէն մէկը, լուսաբանութեան կարգով կապ հաստատած է Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ժամկոչին հետ, որ իր հերթին հաղորդած է, թէ հակառակ անոր, որ UNESCO-ի գրասենեակը Տիգրանակերտի քաղաքապետարանին մէջ կը գործէ, սակայն ոեւէ մէկը բան չի կրնար ընել, որովհետեւ Սուրի մէջ 74 օրէ ի վեր արտակարգ իրավիճակ հռչակուած է: