image

Թուրք դատախազին հերթական ցնորաբանութիւնը

Թուրք դատախազին հերթական  ցնորաբանութիւնը

Թրքական «ԵնիԱքիդ» թերթի կայքը կը հաղորդէ, որ նախկին ռազմական դատախազ՝ Ահմետ  Զեքի Ուչոքը անդրադարձած է այն հարցին, թէ ինչ կը պատահէր, եթէ յաջողէր Թուրքիոյ մէջ եղած յուլիս 15-ի յեղաշրջումի փորձը։

Ըստ Ուչոքին, եթէ յեղաշրջումը յաջողէր՝ Թուրքիան կը բաժնուէր: Երկրի հարաւ-արեւելքը կ'ենթարկուէր քրտական իշխանութեան, իսկ արեւելքը՝ հայկական նորաստեղծ պետութիւններու իշխանութեան: Ուչոք շարունակելով իր վերլուծումը, նշեց թէ այդ ժամանակ՝ Թուրքիոյ մնացած մասը կը մնար Ամերիկայի հսկողութեան տակ։

Դատախազը նաեւ խօսեցաւ ահաբեկչական խմբաւորում համարվող Կիւլէնական համայնքին: Ան նշեց որ Թուրքիոյ մէջ մեծ կռիւներ կը սկսէին եւ Կիւլէնական համայնքի անդամները յեղաշրջման ընթացքին, կը սպաննէին իրենց բոլոր ընդիմադիրները: Այսպիսով՝ իշխանութեան նոր դէմքերը կը դառնային «այլ երկրիներու թեկնածուները»: