Զինուորական ուղղաթիռով Յունաստան հասած 8 սպաներ Աթէնքի իշխանութիւններէն քաղաքական ապաստան խնդրած են: Կը հաղորդուի նաեւ, որ երէկուան յեղաշրջման փորձին մէջ կեդրոնական դեր ունեցող սպաները ձերբակալուած են Յունաստանի իշխանութեանց կողմէ: Թուրքիոյ ԱԳ նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարկելով՝ Աթէնքի բարձագոյն մարմիններուն յորդորած է անմիջապէս Թուրքիոյ յանձնել, իրենց ըսելով օրինազանց սպաները: