Այսօր յետմիջօրէին հակառակորդը սկսած է հրթիռներ արձակել հայկական սահմանապահ դիրքերու ուղղութեամբ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ ԼՂՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ 82 միլիմեթր տրամաչափի հրթիռներ կը նետուին մասնաւորապէս Թալիշի եւ Մարտակերտի ուղղութեամբ: Հակառակորդը սահմանին վրայ եղած լարուածութիւնը կը փորձէ բեռցնել հայկական կողմին, բան մը, որ չի համապատասխաներ իրականութեան: