image

Թրքական զօրքերը կը հեռանան Շըրնաքէն, մինչ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին Հաքքարիի մէջ

Թրքական զօրքերը կը հեռանան Շըրնաքէն, մինչ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին Հաքքարիի մէջ

Շըրնաք- («Milliyet»)- Թրքական զօրքերը սկսած են  հեռանալ Թուրքիոյ Շըրնաք քաղաքէն, ուր 3 յունիսին աւարտած  էր «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (PKK) դէմ իրականացուող լայնածաւալ գործողութիւնները: Այս մասին կը գրէ թրքական «Milliyet» պարբերականը, նշելով, որ թրքական զօրքերու հետ միասին Շըրնաքէն դուրս բերուած են թրքական զօրքերուն պատկանող ինքնաշարժներու շարասիւնը, ինչպէս նաեւ հրասայլերն ու «Kobra» տեսակի ռազմական ուղղաթիռները: Բացի այդ, շրջանէն հեռացած են նաեւ թրքական  ոստիկանութեան ստորաբաժանումները եւ տեղափոխուած են Շըրնաք նահանգի Ճիզրէ շրջան, ուր նոյնպէս կ'ընթանան թուրք-քրտական բախումներ:

Նշենք, որ Շիրնաք քաղաքի մէջ 14 մարտ 2016-էն թուրք-քրտական բախումներու հետեւանքով տեղական իշխանութիւններու կողմէ յայտարարուած էր պարետային ժամ: Վերոնշեալ գործողութեան ընթացքին թրքական ուժերը սպանած են 508 քիւրտ զինեալ  եւ ոչնչացուցած  1606 ինքնաշէն ռումբ:

Միեւնոյն ժամանակ, ներկայ դրութեամբ քիւրտերու դէմ ռազմական գործողութիւններ կ'ընթանան Թուրքիոյ Հաքքարի նահանգի Տաղլըճա շրջանին մէջ, ուր ըստ թրքական  «Yenicaggazetesi» թերթին՝ 8 յունիսի գիշերը Թուրքիոյ օդային ուժերուն պատկանող ռազմական օդանաւեր ռմբակոծած եւ սպաննած են 8-10 անձերէ բաղկացած քիւրտ զինեալներու խումբ մը: