image

ԱՄՆ եւ ՆԱԹՕ կը տարհանեն իրենց զօրքերը Աֆղանիստանէն

ԱՄՆ եւ ՆԱԹՕ կը տարհանեն իրենց զօրքերը Աֆղանիստանէն

 

Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕ-ի զօրքերը լքած են Աֆղանիստանի Պակրամ օդային ռազմակայանը, որ 20 տարի շարունակ զինեալներու դէմ պայքարի կեդրոն եղած է, կը յայտնէ BBC լրատուականը եւ կ'աւելցնէ, որ այդ կ'ազդարարէ օտարերկրեայ զօրքերու դուրսբերման աւարտի մօտ ըլլալը։
Օդային ռազմակայանէն օտարերկրեայ զօրքերու դուրսբերումը կը համընկնի Աֆղանիստանի զգալի շրջաններուն մէջ «Թալեպան» շարժման առաջխաղացման հետ։
Անդրադառնալով Պակրամ օդային ռազմակայանի կարեւորութեան՝ BBC լրատուականը նշած է, որ այն կը գտնուի Քապուլէն 40 քմ հիւսիս եւ կը կրէ մօտակայ գիւղի անունը։ Այն կառուցուած է Մոսկուայի կողմէ 1980-ականներուն, երբ Խորհրդային Միութեան զօրքերը մտած են Աֆղանիստան։ Ամերիկեան զօրքն այնտեղ տեղափոխուած է 2001 թուականին եւ օդային ռազմակայանը վերածուած է հսկայական ռազմակայանի, ուր կրնար տեղաւորուիլ մինչեւ 10 000 զինծառայող։
Այնտեղ կայ 2 թռիչքուղի, ուր կրնան վայրէջք կատարել կործանիչներ։ Կայ նաեւ օդանաւերու համար նախատեսուած 110 կայանատեղի, որոնք պաշտպանուած են պատերով, կրնայ գործել նաեւ 50 անկողին տեղաւորող հիւանդանոց։
Յիշեցնենք, որ Թուրքիան համաձայնած է Սեպտեմբերին ՆԱԹՕ-ի զօրքերու դուրսբերումէն ետք վերահսկողութիւն հաստատել Քապուլի միջազգային օդակայանի վրայ՝ ՆԱԹՕ-ի հետ կնքելով 130 միլիոն տոլար արժողութեամբ պայմանագիր։
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը նշած է, որ Թուրքիան պիտի պահպանէ իր զօրքերու ներկայութիւնն Աֆղանիստանի մէջ՝ դաշնակիցներէն նիւթական, քաղաքական եւ սարքաւորումներով աջակցութիւն ստանալու պարագային միայն։