ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի աւագ խորհրդականն ու փեսան՝ Ճարէտ Քուշնէր, ամերիկեան զինուած ուժերու կոմիտէի նախագահ Ճոզէֆ Տանֆորտի հետ պիտի այցելէ Իրաք: Այս մասին «Ալ-Ժատիտ»ի համաձայն, հաղորդած է ԱՄՆ վարչակազմի մէջ փարձրաստիճան պաշտօնեայ մը:
Աղբիւրը նշած է, որ Քուշնէր ուզած է անձամբ տեսնել իրաքը եւ իր աջակցութիւնը յայտնել իրաքի կառավարութեան:
Նշենք, որ 36-ամեայ Քուշնէրին վստահուած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ԱՄՆ խաղաղութեան դեսպանի դերը: