Նիւ Զելանտիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպան Մարք Ճիլպերթ այսօր, 6 յունուարին յայտարարած է, որ Թրամբի որոշմամբ, Օպամայի կողմէ նշանակուած բոլոր ԱՄՆ դեսպանները ետ պիտի կանչուին, կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը:
Ըստ աղբիւրին, Ճիլպերտ իր թուիթըրեան էջին գրած է. «20 Յունուարին պաշտօնս պիտի լքեմ», աւելցնելով, թէ որոշումը, որուն պատճէնը 23 Դեկտեմբերին ուղարկուած էր ԱՄՆ Արտաքին Գործոց նախարարութիւն, կ'ընդգրկէ բոլոր դեսպաններն անխտիր:
Նշեալ որոշումը շարք մը կարեւոր երկիրներու մէջ ԱՄՆ դեսպանի աթոռը թափուր պիտի ձգէ, ինչպիսիք են Գերմանիան, Գանատան եւ Բրիտանիան, յայտնած է «New York Times»:
Իր հերթին, Թրամբի համակիրներէն բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը յայտարարած է, որ նորընտիր նախագահին որոշման մէջ ոչ մէկ վատ մտադրութիւն կայ, այլ կը միտի արտերկրի մէջ գործող Օպամայի կառավարութեան անդամ դիւանագէտները հեռացնել կառավարութենէն՝ Թրամբի պաշտօնն ստանձնելուն զուգահեռ: