image

Թրամբ մեղադրեց Ասատը եւ խոստացաւ հակադարձել

Թրամբ  մեղադրեց Ասատը եւ խոստացաւ հակադարձել

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբ մեղադրեց Ռուսաստանն ու  Իրանը Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատին աջակցելու մէջ, խոստանալով, որ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի արեւելեան Ղութա շրջանը գտնուող Տումայի վրայ քիմիական յարձակումի գինը թանկ պիտի վճարեն:

Թրամբ, որ իր  թուիթըրեան էջին մէջ դատապարտեց «անխոհեմ» քիմիական յարձակումը «անասուն» բնութագրեց նախագահ Ասատը, նշելով, որ քիմիական յարձակումը մարդկային աղէտ է եւ բացարձակապէս անհիմն:

Թրամբ նաեւ ըսաւ, որ «Տումայի  յարձակումին համար Ասատ շատ սուղ գին  պիտի վճարէ»: