image

Թրամբ «Իսլամական« պետութեան» ստեղծման մէջ կը մեղադրէ Քլինթընն ու Օպաման

Թրամբ  «Իսլամական« պետութեան» ստեղծման մէջ կը մեղադրէ  Քլինթընն ու Օպաման

Ուաշինկթըն- («Ալ-քուտս»-Լոնտոն)-  Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տոնալտ Թրամբ, չորեքշաբթի 10 Օգոստոսին մեղադրած է ԱՄՆ-ի նախագահ Պարաք Օպաման՝ «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան «ստեղծման» մէջ: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Քուտս»ը, նշելով, որ մեղադրանքէն բաժին հասած է նաեւ  Տեմոկրատական ​​իր մրցակից ՝ Հիլըրի Քլինթընին,  որպէս Ճիհատական խումբի «ստեղծման գործընկեր»:  Ֆլորիտա նահանգի «Fort Lauderdale»ի մէջ կայացած ընտրական Քարոզարշաւի ընթացքին, Թրամփ Օպամային մեղադրած է Միջին Արեւելքի մէջ «քաոս» ցանելու մէջ, յայտնելով, որ Իսլամական պետութիւնը «կը յարգէ նախագահ Օպաման»: Ան նաեւ շեշտած է, որ Օպաման է Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կազմակերպութիւնը հիմնադրողը, իսկ Քըլինթընը՝ անոր գործընկերը: