Թայլանտի մէջ ընթացող ծանրաբարձութեան աշխարհի ախոյեանութեան մէջ Հայազգի մարզիկ Սիմոն Մարտիրոսեան քիչ առաջ փայլուն արդիւնք արձանագրեց եւ դարձաւ աշխարհի ախոյեան։
Նշենք, որ Մարտիրոսեան կը մասնակցէր 109 գիլոկրամ քաշայիններու անուանակարգով։
Հայազգի ծանրաբարձը բարեյաջող կերպով կարողացաւ իրականացնել բոլոր մօտեցումները (190, 195 եւ 199 գիլոկրամ ) եւ դարձաւ ոսկեայ մետալակիր։ Նշենք, որ երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին պելառուս եւ չին մարզիկները։
Յիշեցնենք, ինչպէս որ «Արեւելք» աւելի վաղ հաղորդած էր Մարտիրոսեան Թալէնտի մէջ ընթացող մրցումներուն կը հանդիսանայ երկրորդ հայ մարզիկը, որ կը դառնայ աշխարհի ախոյեան եւ իրմէ առաջ նոյն բարձր տիտղոսին տիրացած էր ՝ Յակոբ Մկրտչեանը։