Թալիշի ուղղութեամբ գրանցուած կրակոցներուն հետեւանքով հայկական կողմը ունեցած է զոհ մը: Այս մասին կը փոխանցէ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Հայկական պաշտպանական բանակի զոհը կը կոչուի Մարատ Ռաֆայէլ Դանիէլեան, եւ ան 1984-ի ծնունդ է: Յիշեցնենք, որ հակառակորդը երէկ հերթականին պէս խախտումներ կատարած է եւ կրակահերթ գրանցուած է մասնաւորապէս Արցախի Ակնայ, Մարտակերտի եւ Հադրութի ճակատներուն ուղղութեամբ: