image

Տէ Միսթուրա պիտի չմասնակցի Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ գլխաւորած՝ Սուրիոյ հարցով բանակցութիւններուն

Տէ Միսթուրա պիտի չմասնակցի Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ գլխաւորած՝ Սուրիոյ հարցով բանակցութիւններուն

Սուրիոյ մօտ ՄԱԿ-ի դեսպան Տէ Միսթուրա որոշում կայացուցած է չմասնակցիլ Յունուարի վերջը Աստանայի մէջ տեղի ունենալիք բանակցութիւներուն, որ պիտի կայանայ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ գլխաւորութեամբ՝ Սուրիոյ ճգնաժամին լուծումներ առաջարկելու հեռանկարով: Այս մասին կը յայտնէ «RT Arabic» լրատուական կայքը:

Ըստ Տէ Միսթուրայի մամլոյ խօսնակի յայտարարութեան, բացառուած չէ ՄԱԿ-ի մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն: «Կայանալիք բանակցութիւնները Ժնեւի բանակցութիւններուն մրցակից չենք համարեր, այլ կը հաւատանք, որ անոնք օժանդակ դեր պիտի կատարեն ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ Ժնեւի մէջ կազմակերպուելիք բանակցութիւններուն»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ ըստ կողմերու միջեւ նախնական պայմանաւորուածութեան, Աստանայի մէջ բանակցութիւններու մեկնարկը 23 Յունուարին է: