image
Հրատապ լուրեր:

Տաուտ Փաշա՝ Լեռնալիբանանի Առաջին «Մութասարրիֆ»ը. Պէտիկ Թորոսեան

Տաուտ Փաշա՝ Լեռնալիբանանի Առաջին  «Մութասարրիֆ»ը. Պէտիկ Թորոսեան

1860-ի Լեռնալիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ետք՝ Տուրզի եւ Մարոնի համայնքներուն միջեւ, կազմուեցաւ միջազգային յանձնաժողով մը որ կը բաղկանար Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Ռուսիոյ, Պռուսիոյ եւ Օսմանեան Կայսրութեան ներկայացուցիչներէն: Այս մարմնի հիմնական նպատակն էր վերջ տալ այս բախումներուն եւ Լեռնալիբանանի կառավարման մեքենան վերակազմակերպել: Երկար բանակցութիւններէ ետք, 1861-ին կեանք առաւ ԼեռնալիբանանիՄութասարրիֆիյան եւ Օսմանցի Հայ Կաթողիկէ՝ Տաուտ Փաշան նշանակուեցաւ անոր կառավարիչ:

Տաուտ Փաշան կարեւոր բարենորոգումներ կատարեց Լեռնալիբանանի մէջ: Տեղի Տրուզ, Կաթողիկէ եւ Առաքելական համայնքները ընդունեցին անոր իշխանութեան ենթարկուիլ, բացառութեամբ Մարոնիներու համայնքին: Անոնք կը կազմէին մեծամասնութիւն եւ այդ պատճառով կը հակադրէին Տաուտի կառավարութեան: Անոնք չէին ուզեր կառավարուիլ օտաներու ձեռքով: Իրենց հիմնական նպատակն էր տեղացի Մարոնի անձի մը ուժին ենթարկուիլ:

Իր կարգին Տաուտ Փաշան ամէն ճիգ ըրաւ, որպէսզի կարելի եղած չափով Լեռնալիբանանը ամբողջութեամբ իր լուծին տակ առնէ: Սակայն այս մէկը այդքան ալ դիւրին չ'ընթացաւ: Ան չկրցաւ կառավարել Լեռնալիբանանի հիւսիսային շրջանները, ուր Մարոնիները կը կազմէին մեծամասնութիւն: Անոնց Պատրիարք Պուլոս Մասաատ եւ 1860 թուականի հիմնական ղեկավար դէմքերէն՝ Եուսէֆ Պէյ Քարամ մշտապէս փորձեցին տապալել Տաուտ Փաշայի կառավարութիւնը:

Նկատի ունենալով, որ Ֆրանսական իշխանութիւնները իրենք զիրենք հռչակած էին, որպէս պաշտպան Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին ապրող բոլոր Կաթողիկէներուն, ուզեցին հաշտեցնել Մարոնի Պատրիարք Պուլոս Մասաատը Տավուտ Փաշային հետ: Սակայն այս փորձերը ապարդիւն եղան: Մասաատ կ'ուզէր Լեռնալիբանանի կառավարումը յանձնել Եուսէֆ Պէյ Քարամին:

 Օսմանեան Կայսրութիւնը սակայն չէր ուզեր Մարոնիի մը նշանակուէր մութասարրիֆ, վախնալով որ 1860-ի դէպքերը կրնային կրկին թափ առնել Մարոնիներուն եւ Տուրզիներուն միջեւ: Տաուտ Փաշան աւելի հեզասահօրէն կառավարելու միտումով, Լեռնալիբանանի հիւսիսային շրջանները բաժնեց աւելի փոքր մասերու անոնց վրայ նշանակելով տեղական պատասխանատուներ:

1864-ին վերջ գտաւ Տաուտ Փաշայի ժամանակաշրջանը եւ հովանաւորութեամբ Ֆրանսական պետութեան Մութասարրիֆիյայի սահմանադրութիւնը (Reglement), որ պատրաստուած էր 1861-ին որոշ փոփոխութիւններու ենթարկուեցաւ: Աւելի լայն տեղ տրուեցաւ Մարոնիներուն անոնց գոհունակութիւն պատճառելու յոյսով: Այս շրջանին Եուսէֆ Պէյ Քարամը ախորժակը սրած սպասեց, որ Ֆրանսացիները զինք կը նշանակեն Լեռնալիբանանի կառավարիչ: Սակայն, այդ մէկը չիրականացաւ եւ Տաուտ Փաշայի ժամանակաշրջանը 5 տարիով երկարաձգուեցաւ: Մարոնի Համայնքը սիրաշահելու նպատակով, Տաուտ Տուրզի համայնքի ներկայացուցիչները հեռացուց կառավարութենէն ինչպէս նաեւ Մարոնիներուն յանձնեց բարձր պաշտօններ:

Սակայն Քարամ հանդէս եկաւ շարք մը ապստամբութիւններով իբր բողոք Տաուտի կառավարութեան: 1865-ին այս վիճակին մէջ վերջինս իր հրաժարականը ներկայացուց Օսմանեան Կայսրութեան, սակայն մերժուեցաւ: Անոր փոխարէն Օսմանեան զօրագունդ մը ուղարկուեցաւ Տաուտ Փաշային,  որպէսզը կարենայ ալ աւելի ամրապնդել իր դիրքը Լեռնալիբանանի մէջ: Ան իր նստավայրը փոխադրեց Շուֆէն դէպի Սարպա աւելի մօտէն հետեւելու հիւսիսի վերջին զարգացումներուն եւ կանխարգիլելու նման ըմբոստութիւններ:

Նշանաւոր Լիբանանցի պատմաբան Քամալ Սալիպի, Տաուտ Փաշան կը նկատէ որպէս Լեռնալիբանանի գլխաւոր կառավարիչներէն մին: Ըստ անոր, Տաուտ շինեց ճամբաներ եւ կամուրջներ ինչպէս նաեւ կառուցեց Մուամըլթէնէն Ղազիր երկարող ճամբան:  Ան նաեւ զարկ տուաւ Լեռնալիբանանի մետաքսի գործին, որ նախապէս իր գագանակէտին հասած էր Շիհապիներու Էիմիրութեան օրերուն (1697-1841): Այս նուաճումներուն կողքին, ֆրանսացի հրամանատար Լէոն Ֆէնի օժանդակութեամբ ան հիմնեց տեղական զինուած ուժեր, որ այժմ կը գործեն որպէս Լիբանանի Ներքին Ուժեր անուան տակ: Այս խումբը կը բաղկանար 160 անդամներէ, որոնք կը ներկայացնէին տարբեր համայնքները: Անոր մէջ կային 97 Մարոնիներ, 40 Տուրզիներ, 16 Յոյն Առաքելականներ, 5 Յոյն Կաթողիկէներ, եւ 2 իսլամներ: Սակայն, Մարոնի զինուորները կը մերժէին որեւէ յարձակում գործել Լեռնալիբանանի հիւսիսային շրջանները:  

Պէյրութի եւ Պէքաայի շրջանները միշտ ալ գրաւած էին Տաուտ Փաշային ուշադրութիւնը: Ան լաւապէս գիտէր անոնց կարեւորութիւնը տնտեսապէս զարգացնելու Մութասարրիֆիֆային իրավիճակը: Պէյրութի միջոցով ան ելք պիտի ունենար դէպի ծովը, իսկ Պիքաաը հարուստ էր իր բերրի հողերով: Տաուտի  առաջարկները ընդհանրապէս մերժուեցան Բարձր Դուռին կողմէ: Սակայն ան վերջաւորութեան կրցաւ ձեռք ձգել Արեւմտեան Պիքաաը:  

1868-ին ան հրաժարեցաւ իր մութասարրիֆի դառնալով Օսմանեան կառավարութեան հանրային աշխատանքներու (Public Works) նախարար փոխարինելով մահացած Գրիգոր Էֆէնտի Աղաթօնին: Այս ձեւով Տաուտ Փաշան կարեւոր դեր ունեցաւ Լեռնալիբանանի զարգացման ինչպէս նաեւ վերջ դրաւ Տուրզիներու եւ Մարոնիներու եղբայրասպան կռիւներուն: Իր օրերուն տարածաշրջանը ապրեցաւ աւելի խաղաղ օրեր: Միեւնոյն ժամանակ մութասարրիֆիյան արդէն գծեց 1920-ին կազմուելիք Մեծն Լիբանանի սահմանները:


 Պէտիկ  Թորոսեան

Պէյրութ



Օգտագործուած Աղբիւներ՝

Salibi, Kamal S. "Dāwūd Pas̲h̲a." Encyclopaedia of Islam, Second Edition. Edited by: P.

 Bearman, Th. Bianquis, C.E. Bosworth, E. van Donzel, W.P. Heinrichs. Brill

 Online, 2016. Reference.

Spagnolo, John P. France & Ottoman Lebanon, 1861-1914. London: Ithaca Press for Middle

 East Centre, St. Antonys College, 1977.

Spagnolo, John P. “Mount Lebanon, France and Daud Pasha. A Study of Some Aspects of

 Political Habituation.” International Journal of Middle East Studies 2/2 (1971).