image
Հրատապ լուրեր:

Տանըլտ Թրամբ կամ «Ամերիկայի Ելցին»ը. Յակոբ Նալպանտ

Տանըլտ Թրամբ  կամ «Ամերիկայի  Ելցին»ը. Յակոբ Նալպանտ

Պատմութիւնը կրկնութիւններու շղթայ  մը է: Եթէ  շղթայի  առաջին  առաջին օղակը ողբերգական է ու   ցնցումներով ուղեկցուած,  ապա  երկրորդը    այդ   ցնցումին   հեգնանքով պարուրուած   շարունակութիւնն է: 

Պարաք Օպամայի պաշտօնավարութեան   աւարտի    հանգրուանը ինչքան նմանութիւններ ունի իր ծալքերուն մէջ Սովետական միութեան վերջին ղեկավար Միքայէլ Կորպաչովի շրջանի հետ: Անմարտունակ բանակ,  տնտեսական անկայուն վիճակ, երկրի տարբեր մասերուն  մէջ ցոյցեր, անջատողական տրամադրութիւններ եւ այս բոլորի դիմաց բարձրացող ու զօրացող ուժ մը:Այս բոլորին դէմ Սովետական Միութիւնը փորձեց ինքզինք պահել պատմութեան բեմահարթակին  վրայ Կլասնոստի եւ  Փերեսթրոյքայի  «հնարքներով»: Սակայն ապարդիւն եւ անկումը անխուսափելի էր:Հիմա նոյն պատկերը Ամերիկայի մէջ կը կրկնուի: Ամերիկան փորձեց շարունակել իր կայսերապաշտ եւ ծաւալապաշտ քաղաքականութիւնը  «Նէօ- օսմանիզմ»ով եւ «Սիւննի ուահապիզմ»ով արիւնագոյն ծրագիրներու միջոցով, սակայն  աւարտին այդ  ծրագիրները   ձախողեցան: Յիշենք, որ երկու կայսրութիւններն ալ իրենք վերջալոյսի ժամանակ պարտուած եւ բարոյալքուած ձեւով դուրս եկան Աֆղանիստանէն: Տանըլտ Թրամբի շրջանը իսկական Պորիս Ելցինի նորանկախ Ռուսաստանի պաշտօնավարման հետ խիստ նմանութիւններ կը ցուցադրէ, անկարգութիւններ տարբեր նահանգներու մէջ, տնտեսական վերիվայրումներ, ռասիստական եւ ցեղային բախումներ, Ամերիկան կը փակուի իր մէջ եւ այնտեղ վաղը  կրնան զօրանալ  ապօրինի ուժերը, իսկ մենք այս բոլորը ապրած  ենք   ելցինեան Ռուսաստանի  ժամանակներուն:

Այս անկայուն վիճակներէն դուրս պիտի գայ համաշխարհային նոր ղեկավարման ձեւ մը եւ վերջ պիտի տայ ամերիկեան մենաշնորհին:Իսկ այս դէպքերը, ինչ անդրադարձ  պիտի  ունենան  Հայաստանի վրայ: Հայաստանը բարեբախտաբար քաղաքական եւ տնտեսական ամերիկեան համակարգին  մէկ մասնիկը չէ:  Հարց  կը դրուի,  արդեօ՞ք Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները՝ պատրաստ են եւ ունին քաղաքական  բաւարար ուժ  եւ փորձառութիւն, լաւագոյնս օգտուելու  այս զարգացումներէն:  Ըստ իս Ամերիկայի տկարացումը պիտի  պիտի  յանգեցնէ էրտողանի վարչակարգի տկարացման եւ մի գուցէ տապալման:

Այս առումով է նաեւ, որ Հայաստանի համար բախտորոշ  ժամանակներ են, սակայն  մէկ պայմանով, որ մեր  երկրի իշխանութիւնները  կարողանան   ճիշդ գնահատել  ստեղծուած «մոմենթոմ»ը  եւ  յարմար ատենին, իրենց     ընելիքը  կատարեն:

 

 

 Յակոբ Նալպանտ/Յատուկ «Արեւելք»ին