image

«Տահէշ»ի շարքերուն միանալու համար Կեդրոնական Ասիայէն Սուրիա մեկնիլ փորձող խումբ մը ձերբակալուած է

«Տահէշ»ի շարքերուն միանալու համար Կեդրոնական Ասիայէն Սուրիա մեկնիլ փորձող խումբ մը ձերբակալուած է

Ռուսիոյ արեւմտեան Սուխլին  նահանգի անվտանգութեան ծառայութեան Սահմանապահի տնօրինութենէն յայտարարծ են, որ ձերբակալուած է Կեդրոնական Ասիայէն եկող խումբ մը գաղթականներ, որոնք կը փորձեն Սուրիա մեկնիլ՝  միանալու «Տահէշ» կազմակերպութեան շարքերուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ Ռուսաստանի սահմանապահ տնօրինութիւնը իր յայտարարութեան մէջ նշած է, որ Կեդրոնական Ասիայէն խումբը կը փորձէր երրորդ երկրի ճամբով անցնիլ Սուրիա՝ մասնակցելու Տահէշի մղած մարտերուն, գտնուելով խումբի անդամներէն մէկուն գաղափարական ազդեցութեան տակ:


Ռուսիոյ անվտանգութեան մարմինները նշած են, որ ձերբակալեալները երկար ժամանակ Ռուսիոյ մէջ մնացած են ապօրինի կերպով եւ անոնցմէ մէկը Ուզպէքստանի դատարանի կողմէ կը հետապնդուի, ծայրայեղական բնոյթի յանցագործութեան մեղադրանքով:


Ռուսիոյ անվտանգութեան մարմինները հաստատած են ձերբակալեալ նշեալ անձանց իրենց երկիրներու իշխանութիւններուն յանձնումը: Միւս կողմէ Ռուսիոյ իշխանութիւնները արգիլած են յետագային անոնց  Ռուսաստանի տարածք մուտք գործելը: