image

«Տահէշ»ի ներթափանցումը Սուէյտա վտանգաւոր հետեւանքներ պիտի ունենայ. Lebanon 24

«Տահէշ»ի ներթափանցումը Սուէյտա վտանգաւոր հետեւանքներ պիտի ունենայ. Lebanon 24

«Lebanon 24» լրատուական կայքը յօդուած մը հրապարակած է, ուր անդրադարձած է նախանցեալ օր «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ իրականացուած ահաբեկչական գործողութեան, որուն թիրախը Սուէյտա քաղաքն էր ու անոր արուարձանները:

Անդրադառնալով հեշտ ներթափանցման պատճառներուն, կայքը կարծիք յայտնած է, թէ տարածքը հանդիսանալով կառավարական ուժերու կողմէ ղեկավարուող շրջան, համեմատաբար նուազ խիստ հսկողութիւն կը վայելէր:

Ներթափանցման նպաստեց նաեւ Սուէյտայի բնակիչ տուրզի համայնքի ներկայացուցիչներու եւ տեղի պետեւիներու միջեւ առկայ թշնամութիւնը, նկատի ունենալով, որ վերջիններս ներկայիս «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման համակիրներ են:

Ի վերջոյ Սուէյտայի մէջ «Տահէշ»ի հզօրացման պատճառներէն է նաեւ այն, որ Սուրիոյ հարաւային շրջաններէն փախուստի դիմած ահաբեկչական միաւորները հասնելով Սուէյտայի շրջակայքը, իրենց ուժերը կեդրոնացնելով յարձակում գործեցին քաղաքի ու անոր արուարձաններուն վրայ: