image

Տահէշ Սուրիա կը վերադառնա՞յ

Տահէշ Սուրիա կը վերադառնա՞յ

Սուրիոյ շարք մը շրջաններու մէջ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման աշխուժացում նկատուած է, կը գրէ «Lebanon 24» լրատուական կայքը:

Աղբիւրը նշած է, որ խմբաւորումը կրկին իր տիրապետութեան տակ առած է Տարհայի հարաւային արուարձանի «Հայթ» կոչուած աւանը, ուր երկու ինքնասպանական պայթումներ իրագործած է, որոնց նախորդած է Զայզունի մէջ իրագործուած պայթումը, որուն զոհ գացած է Սուրիոյ բանակի 14 զինուոր:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, ահաբեկչական խմբաւորման միաւորները տարածուած են նաեւ Տէր Զօրի, Իտլիպի եւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ, ուր ամէնօրեայ սպանութեան դէպքեր կը գրանցուին:

Վերլուծաբաններու կարծիքով, «Տահէշ»ի աշխուժացումը պայմանաւորուած է խառնակութիւն ստեղծելու եւ խաղաղութեան հաստատումն ուշացնելու վերջիններուս ցանկութեամբ: