Անցնող ժամերուն Սուրիոյ բանակի առաջին ջոկատները յաջողեցան մուտք գործել Փալմիրա (Թատմոր) պատմական քաղաք: Այս մասին կը տեղեկացնէ լիբանանեան «Ալ-Ժատիտ»ը, նշելով որ Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներ փախուստի դիմած եւ հեռացած են շրջանէն:
Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ Տահէշի զինեալներ նախքան Փալմիրայէն, իրենց հեռացումը ականապատած են քաղաքի կարգ մը շէնքերն ու կառոյցները եւ Փալմիրայի պատմական բերդին որոշ հատուածներ:
Ըստ սուրիական բանակի մէկ բանբերին այսօր բանակին առաջին գործը պիտի ըլլայ ականազերծել Փալմիրան:
Իր կարգին «Ալ Մայատին» կայանի փոխանցմամբ սուրիական օդուժը այս առաւօտ յաջողած է Փալմիրայէն խոյս տալ փորձող Տահէշի շարասիւն մը թիրախ դարձնել եւ ահաբեկիչներուն տալով ուղղակի հարուածներ:
Յիշեցնենք, որ Տահէշ առաջին անգմա Փալմիրա մուտք գործած էր 2015 թուականին: