«Մեր մեծ յաղթանակը իրականացաւ երբ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը անցնող 12 Ապրիլին Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ բարձրաձայնեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին» «Արեւելք»ին ըսաւ Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան: Վարդապետը, որ Հռոմի մէջ օրեր առաջ կայացած հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու Սիւնոդի աւարտին Եպիսկոպոս յայտարարուելով նշանակուած էր հայ կաթողիկէ Լիբանանի թեմին որպէս պատրիարքի օգնական եպիսկոպոս նկատել տուաւ, որ որ իր եպիսկոպոս ընտրուիլը տեղի ունեցած էր 2014 թուականի Սեպտեմբերին բայց տարբեր հանգամանքներու բերումով ընտրութեան վերաբերեալ յայտատարութիւնը ուշացած էր: Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան նաեւ նշեց, որ Սիւնոդի ժողովներուն ընթացքին քննարկուած են հայ կաթողիկէ տարբեր թեմերուն առաջ ծառացած խնդիրները եւ նշեց, որ որ շատ հաւանաբար մօտիկ յառաջիկային տարբեր թեմեր պիտի ունենան նոր առաջնորդներ: Գերապայծառը նաեւ ըսաւ, որ ըստ կաթողիկէ եկեղեցւոյ օրէնսդրութեան, ոեւէ առաջնորդ որ կը բոլորէ 75 տարիքը պէտք է ըստ կանոնի հանգստեան կոչուի: Գերապայծառը նաեւ նշեց, որ ինք Պէյրութի մէջ պիտի զբաղի համայնքը յուզող կրօնական, ընկերային, աղքատախնամ, լրատուական եւ տարբեր ոլորտներու հարցերով յիշեցնելով, որ ինք նախքան Փարիզի մէջ ծառայելը 21 տարի գործունէութիւն ծաւալած է նոյն քաղաքին մէջ: Տ. Գէորգ Գերապայծառ նաեւ նշեց, որ Վատիկանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ մատուցուած պատարագը արգասինքն էր Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսական նախկին սիւնոդի աշխատանքներուն եւ ճիգերուն: Խօսելով միջին արեւելքի քրիստոնեաներուն ապրած արհաւիրքներուն մասին Գերապայծառը նշեց, որ Վատիկան միշտ ալ մօտէն հետեւած է քրիստոնեաներու կրած տառապանքին եւ հալածաքներուն եւ այդ առումով կարեւոր աշխատանք տարած է ու կը տանի: Գերապայծառը նաեւ ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպա մեղսակից են միջին արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն դէմ կատարուող հալածանքներուն առընթեր: Տ. Գէորգ Եպս. նշեց, որ վերջին տարիներուն ինք եւս կարեւոր ճիգեր իրականացուցած է օգնելու յատկապէս Սուրիահայերուն: «Կը զգամ, որ Վատիկանէն բացի արեւմուտքին համար շատ ալ կարեւոր չէ քրիստոնեաներու գոյութիւնը արեւելքի մէջ ու այդ պատճառով հանդիպած եմ Եւրոպացի բարձրաստիճան ղեկավարներու հետ անոնցմէ պահանջելով յաւելեալ ուշադրութիւն այսօր բռնադատման տակ եղող քրիստոնեաներուն»: «Ոչ ոք խաղաղութեան մասին կը խորհի : Ցաւօք մեծ տէրութիւններուն համար հիմնական նպատակը զէնք վաճառելն է ու ատոր դիմաց քրիստոնեաներուն դէմ տեղի ունեցած արհաւիրքները կարծէք դարձած են երկրորդական ու անկարեւոր»: Գերապայծառը ըսաւ, որ իսլամական գետնի վրայ եւս Սիւննի- Շիիթ հակամարտութիւնը անուղղակիօրէն կ'օգտագործուի, որպէսզի մեծ տէրութիւնները կարողանան յաւելեալ նիւթական շահերու աղբիւրներ ունենալ: Գերապայծառը մտավախութիւն յայտնեց, որ միջին արեւելքի մէջ եղող արիւնահոսութիւնը կրնայ երկար տեւել եւ խօսելով Եւրոպա հասնող գաղթականներու ալիքին մասին ան չի բացառեց, որ այդ գաղթականները պատուհաս կը դառնան Եւրոպայի գլխուն: Կարեւորելով Վատիկանի դերը հայ կաթողիկէ Լիբանանեան թեմի պատրիարքի օգնական եպիսկոպոսը ըսաւ, որ հակառակ անոր որ Վատիկան զինուոր եւ բանակ չունի բայց անոր խօսքը տակաւին ազդու է , ոչ միայն միջին արեւելքի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ: