Երուսաղէմի Պատրիարքութեան դիւանապետ Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան հրաժարական տուած է: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Երուսաղէմի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Սրբազան հօր հրաժարականը ընդունուած է Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռի Տնօրէն ժողովին կողմէ: Կը նշուի նաեւ, որ Սրբազան հայրը դիւանապետի իր պաշտօնին կից կը վարէր Միջ-եղեղեցական յարաբերութեանց վարիչի պաշտօն: Այս մասին նոյնպէս գրած է Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան Ֆէյսպուքեան էջը յաւելելով, որ այդ պաշտօնին կոչուած է Հոգշ. Տ. Կորին Վրդ. Պաղտասարեանը: Յիշեցնենք, որ ժողովը գումարուած է 16 մարտին, եւ այն այս տարի գումարուող միաբանական 3-րդ Տնօրէն ժողովն է: