image

Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան Հրաժարած Է Երուսաղէմի Պատրիարքութեան Դիւանապետի Իր Պաշտօնէն

Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան Հրաժարած Է   Երուսաղէմի Պատրիարքութեան Դիւանապետի  Իր Պաշտօնէն

Երուսաղէմի Պատրիարքութեան դիւանապետ Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան  հրաժարական տուած է: Այս մասին  «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ   Երուսաղէմի իր աղբիւրէն:  Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ  Սրբազան հօր հրաժարականը  ընդունուած է   Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռի  Տնօրէն  ժողովին  կողմէ: Կը նշուի  նաեւ,  որ  Սրբազան  հայրը   դիւանապետի իր պաշտօնին կից կը վարէր Միջ-եղեղեցական յարաբերութեանց վարիչի պաշտօն:     Այս մասին նոյնպէս գրած է  Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան Ֆէյսպուքեան էջը յաւելելով, որ  այդ պաշտօնին կոչուած է  Հոգշ. Տ. Կորին  Վրդ. Պաղտասարեանը: Յիշեցնենք, որ  ժողովը գումարուած է    16  մարտին, եւ այն այս տարի գումարուող  միաբանական    3-րդ Տնօրէն  ժողովն է: