image

Սուրիոյ պատերազմը կրնայ սաստկանալ. Al Diar

Սուրիոյ   պատերազմը  կրնայ   սաստկանալ. Al Diar

5 տարիէ ի վեր  պատերազմական դրութեան մէջ յայտնուած Սուրիոյ   իրավիճակը կրնայ աւելիով բարդանալ:   Այս մասին   գրած է  արաբատառ «Ալ Տիար» պարբերականը: Թերթը նաեւ նկատել կու տայ, որ սուրիական տագնապին մէջ    կարեւոր  դեր ունեցող  երկիրներէն համարուող Սէուտական  Արաբիան  պատրաստ չէ սեղանին եղած լուծումները քննարկելու: Ըստ աղբիւրին, Րիատի  ղեկավարութիւնը վճռած է բաց հակամարտութեան  մէջ մտնել Իրանի  դաշնակից համարուող  բոլոր  կողմերուն  հետ, եւ այդ  հակամարտութիւնը պիտի   ըլլայ անուղղակի կերպով: Քաղաքական  երկխօսութեան  կամ լուծումներու քննարկման բացակայութեան ընդհանուր մթնոլորտին  մէջ շատ հաւանական է, որ  Սուրիոյ պատերազմը ապրի սաստկացման նոր  փուլ մը: Կը նշուի նաեւ, որ այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ գետնի վրայ պատերազմող կողմերը հնարաւորութիւններ չունին   կարեւոր  եւ ազդեցիկ   յառաջխաղացք   գրանցելու: