5 տարիէ ի վեր պատերազմական դրութեան մէջ յայտնուած Սուրիոյ իրավիճակը կրնայ աւելիով բարդանալ: Այս մասին գրած է արաբատառ «Ալ Տիար» պարբերականը: Թերթը նաեւ նկատել կու տայ, որ սուրիական տագնապին մէջ կարեւոր դեր ունեցող երկիրներէն համարուող Սէուտական Արաբիան պատրաստ չէ սեղանին եղած լուծումները քննարկելու: Ըստ աղբիւրին, Րիատի ղեկավարութիւնը վճռած է բաց հակամարտութեան մէջ մտնել Իրանի դաշնակից համարուող բոլոր կողմերուն հետ, եւ այդ հակամարտութիւնը պիտի ըլլայ անուղղակի կերպով: Քաղաքական երկխօսութեան կամ լուծումներու քննարկման բացակայութեան ընդհանուր մթնոլորտին մէջ շատ հաւանական է, որ Սուրիոյ պատերազմը ապրի սաստկացման նոր փուլ մը: Կը նշուի նաեւ, որ այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ գետնի վրայ պատերազմող կողմերը հնարաւորութիւններ չունին կարեւոր եւ ազդեցիկ յառաջխաղացք գրանցելու: