Ըստ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ այսօր կնքուելիք համաձայնութեան, Սուրիոյ ողջ տարածքին հրադադար պիտի յայտարարուի 30 Դեկտեմբերի կէսգիշերին: Հրադադարի որոշման պիտի ենթարկուին Սուրիոյ մէջ մարտնչող բոլոր ուժերը:
Ըստ Սուրիոյ բանակի մէկ բանբերին, այսօր գործադրութեան դրուելիք հրադադարը չի վերաբերին «ՏԱՀԷՇ»ին, «Ֆաթհ ալ շամ»ին եւ կարգ մը այլ ծայրայեղական խմբաւորումներու:
Յիշեցնենք, որ հրադադար յայտարարելու որոշման նախագիծը Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ կողմէ ընդունուած էր երէկ, 28 Դեկտեմբերին: