Յառաջիկայ ժամերուն Սուրիոյ բանակը պիտի յայտարարէ ամբողջ Հալէպի վրայ իր տիրապետութեան եւ տարած յաղթանակին մասին: Այս մասին լուրը փոխանցեց BBC Arabic կայանը: Աղբիւրը նշեց, որ ահաբեկիչ զինեալներ, հեռանալէ ետք արեւելեան Հալէպի մէջ գտնուող իրենց տիրապետած վերջին վեց աւաններէն, քաղաքը ամբողջութեամբ յանձնած կ'ըլլան Սուրիոյ բանակի տիրապետութեան: Ըստ Սուրիոյ «մարդկային իրաւանց դիտարան», կայքին ընդդիմութիւնը ծանր պարտութիւն կրած է մանաւանդ «հայ սըքարի» թաղամասին մէջ:
Գալով Հալէպի հայկական թաղամասերուն եւ ըստ «Արեւելք»ի աղբիւրին կացութիւնը կը շարունակէ մնալ խաղաղ եւ ապահով: Յիշեցնենք, որ «Պոսթան փաշա» շրջանի ազատագրումէն ետք հայկական թաղամասերը յայտնուած էին անվտանգ եւ ապահով վիճակի մը մէջ:
Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ Հալէպի տարբեր շրջաններուն մէջ գրանցուած պատմական յաղթանակին համար տօնակատարութիւններ կը կատարուին: