image

Սուրիան Արաբական Լիկա «պիտի վերադառնա՞յ»

Սուրիան Արաբական  Լիկա  «պիտի  վերադառնա՞յ»

Չորս արաբական երկիրներ կոչ ըրած են, որպէսզի Սուրիան վերադառնայ Արաբական պետութիւններու լիկայի իր անդամութեան: Այս մասին «Ալ-Ժատիտ»ի համաձայն, իրաքեան «Ալ-մահլումէ» գործակալութեան հաստատած է Իրաքցի խորհրդարանի պատգամաւոր Ճասէմ Մուհամատ Ճաաֆարը, յայտնելով որ «Իրաքը, Եգիպտոսը, Ալժերիան եւ Թունէսը ուժեղ կերպող կ'աջակցին Սուրիոյ վերադարձին եւ Արաբական Պետութիւններու լիկայի վերստին անդամակցութեան»:

 

Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ճաաֆարի իր հերթին լիկային կոչ ըրած է վերանայելու սուրիական պատուիրակութիւններու լիկայի խորհուրդի ժողովներուն մասնակցութեան կասեցման որոշումը:

 

Յիշեցնենք, որ Արաբական երկիրներու լիկան Սուրիոյ անդամակցութիւնը դադրեցուցած էր 16 Նոյ., 2011-ին, Դամասկոսէն պահանջելով «արաբական ծրագիր»ը իրականացնել՝ սուրիական տագնապի լուծման համար, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի մէջ արաբական դեսպանատուները փակելու կոչ ըրած էր: