image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիահայերու հարցով դրամ ունեցողը բաւարար ձեւով օգտակար չեղաւ, իսկ չունեցողը վախցաւ գործելէ. Ռաֆֆի Արտհալճեան

Սուրիահայերու հարցով դրամ ունեցողը բաւարար ձեւով օգտակար չեղաւ, իսկ չունեցողը վախցաւ գործելէ. Ռաֆֆի Արտհալճեան

«Սուրիահայերու հարցով, ոչ ոք Հայաստանը մեղադրելու իրաւունք ունի»,- «Արեւելք»ին յայտնեց Armenian redwood project-ի հիմնադիր՝ Ռաֆֆի Արտհալճեան: Ան նաեւ ըսաւ, որ իրենց հիմնածը ծրագիր մըն է եւ ոչ թէ կազմակերպութիւն, որովհետեւ, «Սուրիահայերու խնդիրներու լուծման համար մենք նոր կազմակերպութիւններու պէտք չունինք, այլ կարիքը ունինք համադրող հարթակի մը»: Մեր զրուցակիցը, ակնարկելով սուրիահայութիւնը Հայաստան հաստատելու գործին մէջ բոլորի կողմէ եղած բացթողումներուն, ըսաւ. «Եթէ մարդիկ կ′ուզեն գալ Հայաստան, յետոյ իրենց միտքը փոխելով մեկնիլ ուրիշ տեղ, ազատ են, բայց, խնդրեմ, ոչ մէկը Հայաստանի ճակտին թող թքնէ, որովհետեւ մենք հաւաքաբար մեր մեղքի բաժինը ունեցանք ատոր մէջ, մեր անկազմակերպ վիճակով»: Խօսելով Սուրիոյ պատերազմի սկզբնական շրջանին ստեղծուած իրավիճակի մասին, ան նշեց, որ հայութեան մէջ նկատելի էր խուճապի վիճակ մը: «Երբ Լիբանանի մէջ, նոյնպէս ալ Հայաստանի՝ 15 հազար հայ գաղթականներու գոյութեան մասին տուեալներ ստացայ, սկսայ սերտել անոնց ոչ միայն նիւթական, այլ հոգեւոր կարիքները, որու արդիւնքով պարզուեցաւ, որ ընդհանրապէս սպասողական վիճակ մը կար սուրիահայութեան մօտ: Այդ ժամանակ էր, որ Armenian redwood project-ը հիմնելու մտայղացումը ունեցայ»:

Արտհալճեան պարզաբանելով ծրագրի անուանումը, որ շատերուն կրնայ տարօրինակ թուիլ, յայտնեց, որ Redwood-ը Գալիֆորնիոյ մէջ վիթխարի ծառերէ կազմուած անտառ մըն է, եւ ինք ամերիկացի ուղեկցորդէ մը իմացած էր, որ այդ ծառերուն վիթխարի ըլլալուն գաղտնիքը ծառերու արմատներուն հողին տակ իրար հետ ներդաշնակ ըլլալն էր եւ այդ  շաղկապուած գործելու գաղափարով է, որ այս անուանումը ընտրած էր, ուրկէ արտացոլացած էր այն միտքը, թէ սուրիահայերու հիմնահարցի լուծման համար ներդաշնակ աշխատանք տանելու անհրաժեշտութիւնը կայ. «Ո՛չ սփիւռքի նախարարութիւն, ո՛չ կուսակցութիւն, ո՛չ ալ կազմակերպութիւն մինակը կրնար դիմագրաւել, այլ մենք բոլորս պէտք է հայկական ծրագրի մը միջոցաւ աշխատինք, եւ յարմար քաղաքականութիւն ունենանք»,-ըսաւ ան, պնդելով, որ ինք եւ շուրջինները միշտ հաւատացած է հաւաքական աշխատանքին, նոյնիսկ՝ մէկէ աւելի կողմերու հետ: Այս առումով ան նշեց, որ ինք կրցած էր Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւն, OXFAM, Կիւլպէնկեան, Ճինիշեան, Առաքելութիւն Արեւելք, Էջմիածնական թեմի Արեւմտեան Ամերիկայի առաջնորդութիւնը, ՀՕՄ եւ այլ կազմակերպութիւններէն իւրաքանչիւրին հետ առանձին գործակցիլ եւ բոլորին հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալով, փորձած էր անոնց միաւորել ու հաւաքել սուրիահայութեան մարտահրաւէրին շուրջ:

Խօսելով ծրագրի քայլերուն մասին, ան յայտնեց, որ առաջին քայլը Հայաստանի մէջ եղած էր OXFAM-ի հետ համագործակցութիւնը (2014-ի վերջաւորութենէն մինչեւ 2016), որ սահմանուած էր վարձավճարներու ապահովումով,  եւ որու միջոցաւ հնարաւոր դարձած էր Հայաստան գտնուող կամ նոր եկող սուրիահայերուն մի քանի ամսուան դժուարութիւնները շրջանցել: 2-րդ փուլին, վարձավճարներ տրամադրելու գործին եկաւ աւելնալու ներառման խնդրի լուծումը: «Այսօր համարկում բառը կը գործածուի: Քիչ մը խորթ բառ է այս պարագային, որովհետեւ եթէ սոմալցի իսլամը Ամսթերտամ երթալով համարկման պէտք կը զգայ, սակայն Հայաստան եկող սուրիացի գաղթականներուն 99 տոկոսը հայեր են եւ անոնք համարկման հարց չունին Հայաստանի մէջ, այլ ներառման հարց ունին»,- մեկնաբանեց ան:Անոր խօսքով, Հայաստանի մէջ ընկերային ծառայողներ չկային, որոնք մասնաւորապէս մարզուած ըլլային սուրիահայը հասկնալու, սակայն այժմ կայ 4 հոգիէ բաղկացած խմբակ մը, որ միայն ու միայն սուրիահայերու հարցերով կը զբաղի:

Ռաֆֆի Արտհալճեան նաեւ դրական անդրադարձ ունեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան մասին եւ ըսաւ. «Բաղդատմամբ նախկին գաղթականական հոսքերու, Հայաստանը աւելի լաւ դիմագրաւեց սուրիահայութեան հոսքը: Անցեալ փետրուարին, սուիահայ գաղթականներու հարցով կայացած խորհրդաժողովը կարեւոր եզրափակումներու հասաւ: Բոլորս կը սպասենք կառավարութեան կողմէ պատրաստուելիք Country Integration plan-ին», որուն աջակցեցաւ Կիւլպէնքեան հիմնադրամը:

Մեր զրուցակիցը մեծապէս կարեւորեց ՄԱԿ-ի փախստականներու գրասենեակի վերջին տարիներուն տարած աշխատանքը. «Պէտք չէ մոռնալ նաեւ ՄԱԿ-ի գրասենեակի ընդհանուր պատասխանատուի աննկուն կամքն ու բարիացակամ մօտեցումը: Հայերը Քրիսթոֆի (ՄԱԿ-ի փախսականներու գրասենեակի ղեկավար) նման մարդոց միշտ պէտք է յիշեն»,-շեշտեց Արտհալճեան, նշելով, որ, հակառակ Քրիսթոֆի գործած բոլոր ջանքերուն, ՄԱԿ-ի ելեւմտացոյցը եւ օժանդակութիւններ յատկացնելու վայրն ու քանակը ամէն տարի փոփոխութեան կ'ենթարկուի, նաեւ մտավախութիւն կար, որ յաջորդ տարի այդ օժանդակութիւնը կասեցուէր: «Այս մտավախութենէ դրդուած, զուգահեռ արտաքին կացութիւն մը ստեղծեցինք, որ եթէ Աստուած մի արասցէ, ՄԱԿ-ի կողմէ Հայաստանի տրամադրուող օժանդակութիւնը կասեցուի, մենք կարենանք զայն ամբողջացնել: Ահազանգ հնչեցուցինք սփիւռքի մէջ, նաեւ գործեցինք ՍԱՐՖ-ին հետ: ՍԱՐՖ մինչեւ 2015, իր հաւաքած գումարներուն մեծամասնութիւնը Հալէպ կ′ուղարկէր, սակայն ընդառաջելով մեր խնդրանքին համաձայնեցաւ գումարներէն մաս մը ղրկել Հայաստան»,-յայտնեց Արտհալճեան:

ՍԱՐՖ-ի մասին իր դրական անդրադարձը ունենալով, Արտհալճեան ընդգծեց, որ ՍԱՐՖ-ը, Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն, եղաւ համաշխարհային այն միակ կազմակերպութիւնը, որ յաջողեցաւ տարբեր հայկական կազմակերպութիւններ քով-քովի բերել՝ սուրիահայութեան օժանդակութեան հասնելու համար: «Ինծի համար կարեւոր կազմակերպութիւն է ՍԱՐՖ--ը, որովհետեւ ան հակառակ դժուարութիւններուն, կրցաւ մէկտեղել հայկական կազմակերպութիւններն ու կուսակցութիւնները, ՀԲԸՄ-էն մինչեւ Դաշնակցութիւն, ՀՕՄ, ԱՀԱԸ, Էջմիածնական եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ թեմեր: Այդ իսկ պատճառով կ′արժեւորեմ ՍԱՐՖ-ը, միասնական աշխատանքի նախատիպը հանդիսանալուն համար»:

«Մեզի համար անհրաժեշտ է, որ Հայաստանը ըլլայ սուրիահայութեան համար հիմնական ապահով երդիք մը»,- ըսաւ ան նշելով , որ այդ ուղղութեամբ անցեալ տարիներուն տարուած ջանքերը անբաւարար էին: «Երբ ապրիլ, 2015-ին, մեր ղեկավարութիւնը Ցեղասպանութիւնը նշելով զբաղած էր, մեզմէ շատերը Քոպանիի վերջին 4 հայ ընտանիքները թրքական գաղթակայաններէն Հայաստան կը փոխադրէին: Ես հպարտ եմ, որ Հայաստան դարձաւ սուրիահայութեան տէրը»:

Թէ ինչպէս կը տեսնէ ապագայ Հալէպը, «Արեւելք»ի զրուցակիցը կրկնեց, որ առաջին օրէն իր կարծիքը նոյնը եղած էր, թէ այս պատերազմը երկար պիտի տեւէ, որ պիտի ջլատէ գաղութը, հետեւաբար ան Հալէպի ապագան կը տեսնէ, որպէս աւելի փոքր գաղութի վերածուած Հալէպ մը: «Ոչ միայն պատերազմը երկար կը տեւէ, այլ նաեւ վերաշինութեան գործընթացը: Իսկ գաղութի պահպանման հարցը համասփիւռքեան դիրքորոշում չունի: Եթէ ձգես տեղական որշումներու, ընդհանրապէս հայկական աւանդական մտածելակերպը «նայինք»-ի ձեւը կ′որդեգրէ: Համահայկական նախաձեռնողական ոգի չտեսանք: Ասիկա կարողականութեան հետ կապուած խնդիր մըն է: Եթէ վստահ չես թէ այս մարդկանց Հայաստան բերելէ յետոյ պիտի կրնաս հոգ տանիլ անոնց, անպայման պիտի վախնաս այդիպիսի բան մը ընելէ»,- մեկնաբանեց ան:

Անդրադառնալով այն դժուարութիւններուն կամ խոչընդոտներուն, որոնց կը հանդիպի աշխատանքի ընթացքին, Արտհալճեան նշեց, որ հիմնական դժուարութիւնը եղած է մեր հաւաքական անկարողականութիւնը եւ իրար հետ հեշտօրէն գործելու կամեցողութիւնը: «Երբ Ղարաբաղ կամ հայկական գիւղերը երթամ, շատ կը սիրեմ այն պատկերը, ուր հովիւին շուրջ հաւաքած կ'ըլլան ոչխարները, շատ գեղեցիկ եւ յատկանշական երեւոյթ մըն է սա: Մենք կը փորձենք հայ կազմակերպութիւններ քով քովի բերել, որպէսզի այս խնդրով գործակցին, բայց, շատ կը ներէք բաղդատութեան, անոնք երբեմն կը նմանէին ոչ թէ նշած պատկերիս, այլ՝ 7 կատուներ իրար մօտ բերելու փորձի մը: Երբեմն, անոնցմէ իւրաքաչիւրը կ′ուզէր իր ծրագիրը գործի դնել: Ասյտեղ ծրագրեր պէտք չէ ըլլան, այստեղ նպատակ կայ»,- շեշտեց ան, կարեւորելով այս ուղղութեամբ՝ հաւաքական գործակցութիւնը:

Բաղդատելով հայ կազմակերպութիւններու անցեալի ղեկավարներու աշխատելաձեւը ներկայիս գործողներուն հետ, ան դիտել տուաւ, որ այսօր եղած նիւթական հսկայ ներուժի շատ քիչ տոկոսն է, որ կը տրամադրուի ամբողջ հայութեան յուզող նման հիմնախնդրի մը լուծման. «Պատմութեան հետ բաղդատմամբ մենք հաւաքապէս ձախողած ենք: 1915-ին Near East Releif-ը կամ Մելքոնեան եղբայրները այսպէս պիտի չընէին: Այսօր գոնէ 10-50 միլիոն պէտք էր սուրիահայութեան համար տրամադրուի: Ինչե՜ր կրնայինք ընել, նոյնիսկ՝ վերաբնակեցում: Իմ հարցս սփիւռքեան կազմակերպութիւններուն հետ այս է: Դրամ ունեցողը բաւարար չգործեց, իսկ չունեցողը վախցաւ գործելէ եւ իւրաքանչիւրը իր գիտցածը ըրաւ, ինչ որ բաւարար չէ: Ցաւալին այն է, որ աղքատ սուրիահայը վճարեց այս բոլոր սխալներուն գինը եւ մինչեւ հիմա կը շարունակէ վճարել»:

Ծրագրի ապագայ քայլերուն եւ նպատակներուն մասին խօսելով, Արտհալճեան յայտնեց, որ ծրագրի հիմնադրութեան 3-րդ տարուընէ յետոյ, իր ամենամեծ երազանքը՝ մեծ հիմնադրամ մը ստեղծելն է, որուն միջոցաւ լուծուին սուրիահայ ընտանիքներու տան հարցը. «Հայաստանի մէջ, սուրիահայութեան ամենամեծ հարցը՝ բնակարանն է: Մարդիկ կային, որ Սուրիոյ մէջ, ջարդէն 100 տարի յետոյ, տան տէր չէին եղած: Իմ երազանքս այն է, որ անոնք ապաստան մը ունենան եւ իրենք ըլլան իրենց տան տէրը»,-ըսաւ ան:

Անդրադառնալով այսօրուայ անմիջական կարելիութիւններուն, Արտհալճեան նշեց, որ «այսօր, թէ՛ մեր, թէ՛ ՄԱԿ-ի գրասենեակի կարողականութեան սահմաններէն ներս է 150-200 ընտանիքի տուն ապահովել, մինչեւ 1 տարուայ դրութեամբ: Փափաքողը կրնայ դիմել OXFAM-ին կամ UNHCR-ին, որմէ յետոյ ընտանիքը կրնայ այդ իրավիճակէն դուրս գալ, ճանչնալ Հայաստանը եւ համակերպիլ նոր կեանքին: Օժանդակութիւնները նկատելի են նաեւ դպրոցական եւ համալասրանական կրթաթոշակներու առումով, որը Հայաստանի կառավարութիւնը, ՀԲԸՄ-ըեւ Կիւլպէնկեան հիմնարկը կը յատկացնեն»:

Նշելով Armenian redwood project-ի կարեւոր քայլերէն մէկը, ան պատմեց. «Դիլիջան՝ Հայաստանի 2-րդ մեծ քաղաքներէն է, ուր մեծ ներդրումներ կ′ըլլան եւ մարդուժի կարիքը կայ: Այս նոր զարգացող շրջանին մէջ մեր ծրագիրը 2 տարուայ բնակութիւն կ'ապահովէ սուրիահայ ընտանիքներուն: Այսօր 2 ընտանիքներ փորձ մը ունինք, որոնք մեր ծրագրի միջոցաւ Դիլիջան տեղափոխուած եւ նոր կենաք սկսած են:

Ուշ չէ տակաւին, Սուրիոյ պատերազմի չարիքը լաւագոյն ձեւով եւ հաւաքական գիտակցութեամբ դիմագրաւել: Նաեւ խորապէս շնորհակալ ենք բոլոր անոնց, որոնք ուզեցին համագործակցիլ, եւ մանաւանդ մեզ վստահիլ»:

«Արեւելք»-ի ընթերցողներուն եւ մանաւանդ հալէպահայութեան ուղղելով իր խօսքը, Արտհալճեան եզրափակեց. «Եթէ կ′ուզէք Հալէպ մնալ մենք ձեր հետ ենք, իսկ եթէ կ′ուզէք հոնկէ հեռանալ, Հայաստանը ընդունակ եւ ծանօթ ապաստան մըն է: Այսօր, հոս մեր հաւաքական կարողականութիւնը մէկ տարուան տան վարձավճարէն մինչեւ տրամադրուելիք կարելիութինները՝ բաւարար են ընտանիքի մը նոր կեանք ստեղծելուն: Այս նպաստները, որոնք սուրիահայ շահարկուներուն (beneficiaries) տրամադրելի են Հայաստանի մէջ, երբ կուտակենք բոլոր միւս՝ սոցիալական, մշակութային եւ այլ ազդակներուն հետ,Հայաստանը նոյնքան մրցունակ եւ մատչելի կը դարձնեն, որքան՝ որոշ արեւմտեան երկիրները: Այդ հնարաւորութիւնը կայ եւ այստեղ յաջողակ կեանք մը հիմնելու փաստերը շատ են»: