«Արեւմտեան երկիրներ հաստատուած որոշ սուրիացի փախստականներ ահաբեկիչներ են. անոնք զէնք բարձրացուցին եւ մարդ սպանեցին իրենց հայրենիքին մէջ», ըսած է Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատ, մեկնաբանելով ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի՝ իսլամական երկիրներէն եկող փախստականներու եւ գաղթականներու մուտքը արգիլող որոշումը: Այս մասին «Ալ-Ժատիտ»ի փոխանցմամբ, հինգշաբթի օր, «Yahoo» կայքին տուած հարցազրոյցի մը ժամանակ ըսած էր Սուրիոյ նախագահը: Ասատ աւելցուցած է, որ «Համացանցի վրայ յաճախ նկարներու կը հանդիպինք, ուր մարդիք գնդացիր զէնքեր շալկած են կամ մարդ կը սպանեն, ետքը այդ նոյն մարդոց նկարներուն կը հանդիպինք Եւրոպայի կամ ընդհանրապէս Արեւմուտքի մէջ, որպէս խաղաղ փախստականներ»:
Անդրադառնալով Թրամբի որոշումին, ան նշած է. «Այս հարցը ԱՄՆ-ի ինքնիշխանութեան եւ ազգային ապահովութեան վերաբերող հարց է եւ իւրաքանչիւր պետութիւն իրաւունք ունի իր երկիր մուտքի օրէնք սահմանելու»:
Ան աւելացուցած է. «Իմ պարտականութիւնս չէ՝ որեւէ երկրի նախագահէ խնդրել, որ թոյլ տայ սուրիացիներուն մուտք գործել իր երկիր եւ այնտեղ փախստական դառնալ.. իմ պարտականութիւնս է երկրիս կայունութիւնը վերականգնել, որպէսզի անոնց վերադարձնեմ Սուրիա եւ անոնք ապաստան գտնեն իրենց երկրին մէջ»: