Ֆրանսացի երեսփոխան Փաթրիք Մինուչի (ժողովրդավարական), Ֆրանս Փրէս գործակալութեան յղած յայտարարութեան մէջ, նշած է, թէ երեք երեսփոխաններէ բաղկացած՝ Սուրիա գործուղղուած պատուիրակութիւնը, չէ յաջողած մուտք գործել սուրիական տարածք եւ կը շարունակէ կախուած մնալ թրքական սահմանային Քիլիս քաղաքը: Այս մասին կը տեղեկացնէ AFP գործակալութիւնը, յայտնելով, թէ պատուիրակութիւնը ուղղուած էր Հալէպի արեւելեան թաղամասերէն բնակչութիւնը դուրս բերելու աշխատանքին:
Մինուչի, որ օրէնսդրութեան ազգային կազմակերպութեան յանձնաժողովի անդամ է, իր յայտարարութեան մէջ նշած է, թէ «թուրքերը չեն ուզեր մեր անցնիլը: Անոնք ըսին, որ քլորի ռումբեր ինկած են եւ վտանգաւոր ամպեր կ'երեւան»:
Նշենք, որ պատուիրակութեան մաս կազմած են նաեւ էրվէ Մարիթոն (հանրապետական), Սեսիլ Տօ Վլօ (Environment կուսակցութիւն) եւ Ժաք Փութօ՝ Փարիզի երկրորդ թաղամասի քաղաքապետը: Պատուիրակութեան կ’ընկերակցի Հալէպի արեւելեան թաղամասերու թաղապետ՝ Պրեթա Հաժի Հասան:
Յայտնենք նաեւ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, երկուշաբթի օր, հանդիպում ունեցած է սուրիական ընդդիմութեան բանակցութիւններու գերագոյն յանձնաժողովի գլխաւոր համակարգող՝ Ռիատ Հիժապի հետ, որմէ ետք հանդիպած է առանց սահմաններու բժիշկներ կազմակերպութեան ղեկավարներու եւ Ֆրանսայի շտապ օգնութեան եւ բուժօգնութեան կազմակերպութիւններու միաւորման հետ, ինչպէս նաեւ Սուրիա գործող՝ ֆրանսական ու միջազգային հասարակական բժշկական կազմակերպութիւններու հետ: