image

Սուրիա. Ռուսական ընկերութիւնները սկսած են իրականացնել իրենց նախագիծերը

Սուրիա. Ռուսական ընկերութիւնները սկսած են իրականացնել իրենց նախագիծերը

Ռուսաստանի շարք մը ընկերութիւններ սկսած են Սուրիոյ մէջ ուժանիւթի վերաբերեալ նախագիծեր իրականացնել: Այս մասին  «Ալ-Ժատիտ»ի համաձայն,  երեքշաբթի օր յայտարարած է Ռուսաստանի Ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաքը՝ առանց նախագիծերու մասին մանրամասներ յայտնելու:

«Մենք կը շարունակենք համագործակցիլ Սուրիոյ մեր գործընկերներուն հետ, Ուժանիւթի եւ նաւթի նախարարութիւններու միջեւ համաձայնեցուած ճանապարհային քարտէզի շրջանակէն ներս, եւ որոշ ծրագիրեր արդէն իսկ սկսած են եւ գործադրման փուլի մէջ են, եւ ուրիշներ կը քննարկուին», - ըսած է ան:

Նշենք, որ  անցնող  յունուարին Դամասկոս եւ Մոսկուա 2018-ի համար երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան ճանապարհային քարտէզ ստորագրած էին, որ իր մէջ կը ներառէր վերակառուցման վերաբերեալ ռազմավարական ծրագիրներու գործադրման փուլեր եւ Սուրիոյ ուժանիւթի կառոյցներու արդիականացման ծրագիրներ: