image

«Սուլթան»ը միացաւ հզօրագոյն ղեկավարներուն... ի՞նչ պիտի ըլլայ Ասատի ճակատագիրը. «The Guardian»

«Սուլթան»ը միացաւ հզօրագոյն ղեկավարներուն... ի՞նչ պիտի ըլլայ Ասատի ճակատագիրը. «The Guardian»

Բրիտանական «The Guardian» թերթը յօդուածով մը անդրադարձած է Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններու առաջին հանգրուանին Էրտողանի տարած յաղթանակին, նշելով, որ յաղթանակին շնորհիւ ան միացաւ աշխարհի հզօրագոյն ղեկավարներու փաղանգին, ինչպիսիք են Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ Եգիպտոսի նախագահները:

Թերթը դիտել տուած է, որ ընտրութիւններէն երեք օր առաջ, Էրտողանի համակիր հեռուստակայաններէն մէկը արդիւնքները հրապարակելով յայտարարած էր, որ վերջինս պիտի յաղթէ ընտրութիւններուն:

Թերթին կարծիքով, Էրտողան Օսմանաեան կայսրութեան սուլթաններու կերպարը կը մարմնաւորէ, որ խոստացած էր շարունակել պայքարը Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին թշնամիներուն դէմ, բան մը, որ զգալիօրէն բացասաբար պիտի ազդէ տարածաշրջանի եւ եւրոպական երկիրներուն վրայ:

Սակայն, թերթին համաձայն, Էրտողանի տրամադրուածութիւնը բացասական ազդեցութիւն պիտի չունենայ Ռուսիոյ վրայ, որովհետեւ հակառակ Սուրիոյ պատերազմի առաջին օրերուն երկու երկիրներուն միջեւ եղած տարակարծութիւններուն, ներկայիս զոյգ երկիրներու փոխ-յարաբերութիւնները բաւական բարելաւուած են, մանաւանդ այն բանէն ետք, երբ Թուրքիա ռուսական հրթիռներ գնելու պայմանագիր կնքեց, եւ Ռուսիոյ արտօնութիւն տրուեցաւ Թուրքիոյ մէջ աթոմակայան հիմնելու:

Թերթը նշած է նաեւ, որ Ասատ նոյնպէս պիտի չանհանգստանայ ընտրութեան արդիւնքներով, որովհետեւ ներկայիս Էրտողանի միակ նպատակը Սուրիոյ մէջ քրտական ուժերու չէզոքացումն է, եւ ոչ թէ վարչակարգի տապալումը: