Զօրավար Էնրիքօ Ապրիամովը միացած է ՀՀ Զինուած ուժերու պահեստազօրի եւ պաշտօնաթող զօրավարներու կոչին: Այս մասին 168.am-ի հետ զրոյցին յայտնեց անձամբ զօրավարը:
Յիշեցնենք, որ ՀՀ ԶՈՒ պահեստազօրի եւ պաշտօնաթող զօրավարները յայտարարութիւն տարածած էին, ուր անդրադարձած էին 44-օրեայ պատերազմէն ետք ստեղծուած իրադրութեան ու միացած կառավարութեան հրաժարականի պահանջքին։