image

Սուլթան Յակուպի hրասայլը Փութինի նուէրը ՝ Իսրայէլին

Սուլթան Յակուպի hրասայլը Փութինի նուէրը ՝ Իսրայէլին

Իսրայէլ-(«Ալ-Ժատիտ»-Պէյրութ)-Իսրայէլեան իշխանութիւնները երէկ յայտարարած են, որ շուտով Ռուսիայէն պիտի ստանձնեն Սուրիոյ կողմէ 1982-ին գրաւուած իսրայէլեան հրասայլը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ իսրայէլեան հրասայլը Սուրիոյ կողմէ գրաւուած էր նշանաւոր Սուլթան Յակուպի պատերազմին, որ տեղի ունեցած էր լիբանանեան Պեքային մէջ, Իսրայէլեան ներխուժման օրերուն, 1982-ին:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այս յայտարարութիւնը եղած էր Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի՝ Մոսկուա ժամանումէն օրեր առաջ, որ եկած էր Ռուսիոյ նախագահ Փութինի հետ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու վերականգման 25-ամեակը նշելու առիթով:

Կը նշուի նաեւ, որ այս հրասայլը միակը չէր, որ գրաւուած էր սուրիական բանակի կողմէ: Սուլթան Յակուպի պատերազմը նկատուած է հրասայլային ամենամեծ պատերազմներէն մէկը՝ համաշխարհային 2-րդ պատերազմէն ետք: Աղբիւրի համաձայն, Սուրիան այս հրասայլը նուիրած էր Ռուսիոյ բանակին եւ այդ օրերէն մնացած էր Մոսկուայի ռազմական թանգարանին մէջ:

Անցեալ տարուան ապրիլին Նաթանիահու Քրէմլին կատարած այցելութեան ընթացքին, Փութինէն խնդրած էր զայն վերադարձնել իրենց, որովհետեւ ան  կը համարի 11 յունիս 1982-ի պատերազմին անհետացած 3 իսրայէլցի զինուորներու ընտանիքներուն իրենց զաւակներէն մնացած միակ վկայութիւնն ու յիշատակը: