image

Սոչի մեկնած սուրիացի ընդդիմադիրներ սպառնալիքներ ստացած են

Սոչի մեկնած սուրիացի ընդդիմադիրներ սպառնալիքներ ստացած են

ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցիչ Ալեքսէյ Պորոտաւքին յայտարարած է,որ Սուրիոյ ընդդիմութեան որոշ ներկայացուցիչներ մեկնած են Սոչի, մասնակցելու համար Սուրիոյ ճգնաժամի շուրջ կայանալիք համագումարին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:

Պորոտաւքինի փոխանցմամբ, սուրիացի ընդդիմադիրները Ժնեւի օդակայանէն յատուկ օդանաւով ուղեւորուած են դէպի Սոչի:

Ռուս դիւանագէտը շեշտած է, որ հակառակ բոլոր հոգեբանական ճնշումներուն, որոնց ենթարկուած են սուրիացիները այն անձերու կողմէ, որոնք շահագրգռուած չեն պատերազմի դադրեցմամբ եւ կը ձգտին խանգարել ընդդիմադիր ուժերու մասնակցութիւնը Սոչիի համագումարին, սակայն վերջիններս քաջութեամբ զինուեցան եւ մեկնեցան Սոչի, իրենց երկրի ապագայ ճակատագիրը որոշելու համար, անտեսելով իրենց հասցէին հնչած չափազանց ծանր սպառնալիքները: